ԷՋ ՅՈՒՇԱԴԱՄԲԱՆԱՑ

Ասիկա երկլեզու էջ մըն է: Կը պարունակէ, իմ,տարիներու ընթացքին հեղինակած եւ կարդացած դամբանականներս կամ ալ՝ յաւերժօրէն մեկնողներուն ուղղուած գրութիւններս: Բոլոր անձերը որ անոնց նիւթը եղած են՝ իւրայատուկ ձեւով մը մաս կազմած են կեանքիս:

Sunday, October 30, 2011

ԽՕՍՔ ՑԱՒԻ




Արին Չերչեանի Յիշատակին

Մոնթրէալ, 30 Հոկտեմբեր 2011


Առաջին անգամ չէ որ խօսք կ'առնեմ մահուան հանգրուանը թեւակոխած անձնաւորութեան մը յիշատակը յարգելու համար: Այդ կսկիծալի պարտականութիւնը կատարած եմ բծախնդրօրէն, բազում անգամներ, որոնցմէ մի քանին այս յարկին տակ իսկ: Յուշախօսքերու ձեռագրերս՝ դժբախտաբար, հատոր մը լեցնելու ծաւալն ունին արդեն:

Առաջին անգամն է սակայն որ այսպիսի խօսք կ'առնեմ իսկապէս եղերական պարագայի մը դէմ հանդիման գտնուելով: Օրերէ ի վեր միտքս կը չարչարուի արտայայտելու համար անհաւատալին, կարենալ սփոփելու համար անմխիթարելին:

Թերեւս հարց պիտի ծագի թէ ինչո՞ւ այստեղ եւ այսքան հեռու անմիջական ընտանիքէն, հոս ենք այսօր յարգելու յիշատակը անձի մը որուն հետ ո'չ մէկ անմիջական կապ ունեցած են այստեղ եղողներուն մեծամասնութիւնը: Ինչո՞ւ ա'յս պարագան ա'յս երիտասարդուհիին: Ի վերջոյ՝ նմանօրինակ ողբերգութիւններ կը պատահին ամէն օր աշխարհի տարածքին եւ նոյնպիսի ծաղիկ հասակի հայորդիներ կը մեկնին անվերադարձ:

Ըսեմ ձեզի սակայն թէ ա'յս մէկը եզակի պարագայ մըն է որովհետեւ ընտանիքի հսկայ ծառ մըն է որ եղաւ ճիւղակոտոր: Եւ այդ ծառը միայնակ չէ, այլ մաս կը կազմէ պուրակի մը որ կը կոչուի «Բարեգործական», եւ որուն ծառաստանին արմատները կը սնանին նոյն ակունքներէն որ կը կոչուի «սփիւռքահայութիւն»: Անտառ մըն է ամբողջ որ կը սփռուի աշխարհի տարածքին եւ որ կը ստուարանայ, որովհետեւ իբրեւ հզօրացման լոյսի աղբիւր կը գործածէ հի՜ն, շատ հի՜ն, բայց հազուագիտ յաւերժանիւթեր որ կը կոչուին «բարեկամութիւն եւ մարդասիրութիւն»: Աշխարհի մէկ ծայրամասի ծառին կոտրատումի գոյժը, կ'անցնի ուրեմն այս արմատացանցէն եւ անտառն ամբողջ կը սարսափի եւ կ'ողբայ իր վէրքին ցաւը:

Անոնք որոնք մտերիմ բարեկամներ են ինծի, նոյնպէս գիտեն թէ ի՞նչպիսի զգացումներով կապուած եմ ես Արինի հօր Վիգէնին: Որպէս մանկութեան եւ պատանեկութեան նախ դրացի եւ խաղընկեր, յետոյ նո'յն ՀԲԸՄի վարժարաններու դասընկեր, սկաուտական շարքերու տասնամեակներու եղբայր, նո'յն ազգային առաջնահերթութիւններով մտահոգ, նմանօրինակ աշխատանքներու լծուած:

Արինի մայրը, Յասմիկը, նոյնքան տարիներու նուիրուածութիւն եւ ծառայութիւն մատուցած է ՀԲԸՄի սկաուտական շարքերուն եւ մաս կազմած է անոր արենուշական խումբի խմբապետական անձնակազմին:

1990ի Օգոստոսի աւարտին, Մոնթրէալ ժամանեցին Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեան զոյգը: Յասմիկը՝ եօթ ամսու յղի էր Արինով: Անոնք կտրեցին այդ երկար ճանապարհը այդ առողջական պայմաններու տակ, մաս կազմելու համար իմ եւ Տաթեւիկի պսակին: Վիգէնը չէր կրնար մասնակից եւ բաժնեկից չըլլալ կեանքիս այդ կարեւոր րոպէներուն: Արինը ուրեմն՝ փաստօրէն նոյնպէս ներկայ էր: Իրենց վերադարձէն հազիւ ամիս մը ետք էր որ աւետուեցաւ մեզի իր ծնունդը:

Արին Չերչեան, ծնած է Պէյրութ 18 Հոկտեմբեր 1990ին: Երկրորդ դուստրն է Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններու: Աւագ քոյրն է Արազը, կրտսեր քոյրն է Արաքսը, եւ փոքրիկ եղբայրն է Արման-Օննիկը:

Յաճախած է ՀԲԸՄի Պօղոս Կարմիրեան Վարժարանը եւ աւարտած անոր թէ' նախակրթարանի եւ թէ' միջնակարգի դասընթացքները:

Յաճախած եւ Պատուոյ Յիշատակութեամբ աւարտած է ՀԲԸՄի Դարուհի Յովակիմեան երկրորդականը: Ապա աւարտած է TLC Academic Schoolի Թեքնիք Պաքալորէայի բաժինը ուրկէ շրջանաւարտ եղած է աւագ հաշուապահութեան վկայականով:

Կը յաճախէր Հայկազեան Համալսարանը ուրկէ շրջանաւարտ պիտի ըլլար այս ուսումնական տարին Business Administrationի վկայականով:

1998 էն ի վեր գործօն անդամ եղած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸի հայկական պարախումբին: 2009 ի գարնան, հիմնադիրը եղած է Հայկազեան Համալսարանի Կանանց Ֆութպոլի Խումբին որուն խմբապետուհին էր մինչեւ իր մահը:

Անդամ էր ՀԲԸՄի Կարմիրեան Վարժարանի շրջանաւարտից միութեան: 2009 էն ի վեր անդամ էր Հայկազեանի Ուսանողաց Յանձնախումբի վարչութեան մէջ: 2010 էն ի վեր անդամ էր Հայկազեանի Հայկական Պարախումբին որպէս գլխաւոր պարուհի:

1997 էն ի վեր անդամ էր ՀԲԸՄի ամառնային բանակումի մեծ ընտանիքին, նախ որպէս մասնակից ուսանողուհի, ապա որպէս փոխ խմբապետուհի: Վերջին չորս տարիներուն կը վարէր բանակավայրի խմբապետուհիի պատասխանատու պաշտօնը:

Այս ամփոփ կենսագրականը արդեն իսկ կը հաստատէ թէ ինչպիսի անձ մըն էր Արինը: Ամէն բանէ աւելի սակայն, ան կը վկայէ թէ ինչպիսի անձ մը ան պիտի դառնար: Որքա՜ն նուիրուածութին կայ հոն, որքա՜ն սէր հանդէպ իր արմատներուն, որքա՜ն երիտասարդուհիի կորով, որքա՜ն ծառայասիրութիւն:

Արինին կեանքին թելը անժամանակօրէն կտրուեցաւ քառասուն օրեր առաջ: Իրեն հետ կը թաղուին մեր ակնկալութիւնները, մանաւանդ մեր երազները ապագայի մը հանդէպ որ վստահաբար պիտի ըլլար այնքան արգասաբեր:

Ես բնաւ չկարողացայ գրկել Արինը եւ ըսել իրեն թէ որքան կը սիրեմ զինք եւ իր ընտանիքը: Բոլոր իր աշխարհասփիւռ մտերիմները զրկուեցան ատկէ ընդմիշտ:

Աստուածաշունչի ամենէն առեղծուածային եւ իմաստալից գլուխներէն մին Յոբի Գիրքն է, որովհետեւ հոն մեզի կը նկարագրուին ամենէն նուիրեալին անմարդկային կորուստները, տառապա'նքը` ի գին փորձութեան ենթարկելու անոր հաւատքն ու սէրը: Այսպիսի կեանքի մը նուիրուածութեան հանդէպ կայծակնահար ընող կորուստը փորձութեան կ'ենթարկէ անտառն ամբողջ:

Արինին յիշատակը միմիայն մենք բոլորս կրնանք յաւերժացնել: Նուիրումո'վ: Մի'շտ առատաձեռն եղէք ուրեմն ձեր ծառայութեամբ իր երիտասարդուհիի կորովին ինքնաբաշխութեան օրինակով:

Թերեւս ճիւղակոտոր ծառը ինք, Վիգէնն էր որ խորիմաստօրէն մեզի երկու պատգամ փոխանցեց այն օր երբ արտասուալից հեռախօսակապով փորձեցինք իրար գրկել հեռակայօրէն.

- Աստուած մեծագոյն թշնամիիս չտայ այս աննկարագրելի ցաւը:

Յետոյ, երբ իր միւս մտերիմը Սագօն առաջարկեց մեկնիլ Պէյրութ իրենց հետ ըլլալու համար այս ծանր օրերուն, ըսաւ.

- Եթէ կրնաս աղջիկս ինծի վերադարձնել՝ եկո'ւր: Ապա թէ ո'չ՝ հոն մնացիր, զաւակներդ եւ ընտանիքդ քեզի աւելի պէտք ունին:

Ցաւ չունենա'ք եւ գիտցէք թէ ինչն է ամենէն կարեւորը: Ա'յս էր որ կ'ըսէր մեզի ընկերս:

Բայց ունի'նք ցաւը մենք բոլորս հիմա': Մեզի կը մնայ չմոռնալ կարեւորը:

Մեր մարդկութի'ւնը: