ԷՋ ՅՈՒՇԱԴԱՄԲԱՆԱՑ

Ասիկա երկլեզու էջ մըն է: Կը պարունակէ, իմ, տարիներու ընթացքին հեղինակած եւ կարդացած դամբանականներս կամ ալ՝ յաւերժօրէն մեկնողներուն ուղղուած գրութիւններս: Բոլոր անձերը որ անոնց նիւթը եղած են՝ իւրայատուկ ձեւով մը մաս կազմած են կեանքիս:

Monday, April 21, 2025

ՎԵՐԺԻՆԸ, ԱՆ ՈՐ ՈՒՐԻՇ Է


     Յուշագրութիւն՝ 

  նուիրուած Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանին

 

        «Ամէն մարդ չի կանա խմի, 

                            իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է ---»

                                              - Սայեաթ Նովա



Յարութեան տօնին կը յաջորդէ Մեռելոցը:

Երէկ Ս. Զատիկ էր: Յարութիւն:  Վերակենդանացում:  Գարունը հաստատուած է պատուհանէս դուրս եւ կը լսեմ թռչուններուն ճռուողիւնը:

Այսօր սակայն, պէտք է այցելել շիրիմներ:  Ծաղիկներ զետեղել: Աղօթել: Մոմ վառել: Լուռ խոկալ:

Գարունը հիմա յստակօրէն հոս է: Սակայն՝ ամիս մը առաջ, երբ հիւսիսային կիսագունդին գարնանամուտը օրացոյցի ծանուցումով մը միայն դեռ նոր կը թակէր մեր ձիւնածածկ դռները, յայտարարելու համար թէ հասած էր եւ թէ շուտով կեանքը պիտի ծլէր ու յաղթանակէր կրկին ու անպայման, ահա այդ օրն իսկ՝ հողին գիրկը կը վերադառնար մանկութեանս ու պատանեկութեանս պայծառագոյն անձերէն, քոյրս՝ Վերժինը:

Քոյրս կ'ըսեմ առանց վարանելու, որպէսզի, անոնք որ չեն գիտեր ասիկա զարմանան եւ կամ անդրադառնան: Որովհետեւ Վերժինը ուրի՜շ էր: Ուրիշ է':

Պէյրութի Ճմեյզիի մեր թաղամասին նեղլիկ փողոցը ուղղանկիւն կերպով կապուած էր մայր «Գիծ»ին: Մայր պողոտան, Պէյրութի գլխաւոր գիծը կը սեպուէր (արաբերէնով, Ալ-Խաթ) եւ դէպի աջ (Արեւելք) շուտով կը վերափոխուէր Ալ-Նահր (Գետը) պողոտային, որ յետագային վերանուանուեցաւ Հայաստան Պողոտայ (Շարե-հ' Արմինիա):  Իսկ՝ դէպի ձախ (Արեւմուտք), մայր պողոտան կը հասնէր մայրաքաղաքին կեդրոնը, Պուրճի հրապարակ (նաեւ կոչուած Նահատակներու Հրապարակ, արաբերէնով – Սա-հ'-աթ Ալ Շուհատա):

Մեր փողոցը, զառիվեր կը բարձրանար եւ յետոյ կը թեքուէր դէպի աջ:  Մեր բնակած շէնքը՝ կանաչափեղկ եւ չորս յարկանի էր, թառած այդ զառիվերի գագաթին որուն պատշգամէն կարելի էր դիտել մայր պողոտան որ կ'անցնէր ճիշդ դիմացէն: Նեղլիկ փողոցին դէպի աջ թեքման ճիշդ աջ անկիւնին էր միւս շէնքը ուր անցուցած եմ մանկութեանս տարիներուն գրեթէ կէսը:  Այդ ալ առաջին յարկի Չերչեան ընտանիքի յարկաբաժինն էր:  Ամէն օր, մեր պատշգամէն ես կը կանչէի եղբօրս անունը «Վի՜գէ՜ն» եւ իրենց պատշգամէն ալ՝ Վիգէնը կը կանչէր ձայնը ուղղելով դէպի մեր տունը «Վի՜գէ՜ն»:  Թաղին երկու Վիգէններուն իրարու ուղղուած մանկական զիլ կոչերը մաս կը կազմէին բոլորին ամէնօրեային:  Ամէն մարդ գիտեր մեր անունները:  Միասին էինք միշտ երբ ամէն առտու մայր ճանապարհին կողքին կը սպասէինք մեր դպրոցական օթօպիւսը, եւ վերադարձին ալ տուն կը բարձրանայինք միասին:  Վերժինը մեզի միացաւ երկու տարի յետոյ, իսկ չորս տարի յետոյ ալ՝ քոյրս Հուրիկը, որպէս մեր չորսին կրտսերագոյնը:

Երբ որ աչքերս փակեմ, յստակօրէն միտքիս մէջ կը գծուի Չերչեաններուն յարկաբաժինը իր մուտքով, դէպի աջ դարձող երկար նրբանցքով որուն խորքը կային ննջարաններն ու բաղնիքը, իսկ մուտքէն կարելի էր անցնիլ անմիջապէս աջին դէպի հիւրասենեակը որուն ճիշդ դիմացի պատին առջեւ ու կեդրոնը կար մարդկային ամենէն հրապուրիչ հրաշալիքը, հեռատեսիլը: Այն գործիքը որ մեր տունը մուտք գործեց քանի մը տարի աւելի ուշ, բայց որուն կարօտը բնաւ չեմ զգացած, որովհետեւ երբ տուն վերադառնայինք դպրոցէն, փոքր հանգիստէ մը ետք Վիգէնը զիս կը կանչէր պատշգամէն «Վի՜գէ՜ն, սկսա՜ւ»:  Սկսողը Ռեն Թեն Թենին արկածախնդրութիւններուն հեռատեսիլի ծրագիրն էր, որ կը պատմէր շատ ուշիմ գայլաշունի մը եւ իր սիրելի տիրոջ՝ փոքրիկ տղեկին պատահած անհաւատալի եւ հրապուրիչ դիպուածները եւ որոնց ընդմէջէն հերոս շունը միշտ կը յաջողէր լուծել առեղծուածներ ու փրկել իր սիրելիները վտանգաւոր վիճակներէ եւ երբեմն ալ ստոյգ մահէ:

Այդ տարիներուն, Վերժինը դեռ հազիւ քալող երեխայ էր որ միշտ կ'ուզէր ըլլալ մեզի հետ եւ մեր խաղերուն «խառնուիլ», իսկ մենք ալ՝ այդ մեզ խանգարել կը սեպէինք:  Կարծես թէ ի ծնէ մեզի հետ հաւասարութիւն մը կը պահանջէր:  Մեր նախակրթարանի առաջին տարիներուն, երբ Վերժինը դեռ մանկապարտէզ կ'երթար, մեր խաղերը սկսան ուրիշ երեւոյթներ ստանալ եւ մեր միացեալ զբաղումներուն մէջ սկսան մուտք գործել աւելի սեղանային խաղեր օրինակ՝ տամա, լուտօ, օձի խաղ, տոմինօ, պասրա թղթախաղ եւ այլն:  Խաղեր որոնք աւելի մտային կեդրոնացում կը պահանջէին մեզմէ եւ ուրեմն Վերժինին մասնակցութիւնը աւելի անընդունելի կը դառնար մեզի համար, մանաւանդ որ կ'ենթադրէինք որ ինք խաղերը չէր կրնար հասկնալ անգամ:  Որքա՜ն սխալած դուրս պիտի գայինք շուտով:

Երբ քոյրս Հուրիկը աշխարհ եկաւ, չորս տարեկան Վերժինը հրճուանքի մէջ էր: Նախ որովհետեւ ունեցաւ ապրող եւ շնչող պուպրիկ մը, յետոյ որովհետեւ ունեցաւ քոյր մը որ պիտի իրեն հետ մեծնար, եւ վերջապէս` որովհետեւ հաւասարէ հաւասար երկու աղջիկներ պիտի կարենային լիազօր կերպով մասնակցիլ երկու տղոց խաղերուն, ցոյց տալու համար թէ մեզմէ ետ չեն մնար, նոյնիսկ եթէ տղաներ չեն եւ մեր երկուքէն փոքր ըլլային:  Մանուկներուս կեանքի խաղադաշտը երկու ընդդէմ երկուքով աւելի արդար իրավիճակի մը մօտեցած էր:

Հուրիկը Վերժինին մնայուն հետեւորդն էր:  Մեր ընտանեկան այցելութիւններուն անբաժան էին իրարմէ:  Երբ ես ու Վիգէնը նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտ էինք Վերժինը երրորդ դասարան կը յաճախէր, իսկ Հուրիկն ալ՝ տակաւին մանկապարտէզ:  Այդ տարի՝ մեր նորագոյն խաղը երկարատեւ Մոնոփոլի խաղն էր որ ունէր բարդ օրէնքներ եւ, յաղթական դուրս գալու համար, կը պահանջէր յատուկ ռազմավարական մօտեցում:  Մենք անշուշտ միշտ կը խաղայինք բաժնուած տղաքը աղջիկներուն դէմ եւ նկատի ունենալով որ Հուրիկը դեռ խաղը հասկնալու տարիքին չէր հասած, ան միմիայն ուրախ էր «մեծ»երուն հետ նստած ըլլալուն եւ, ըստ ստացուած զառի թուանշանին, խաղաքարը շարժելուն համար: Առաջին երկու կամ երեք  խաղերուն, Վերժինին համար ալ դժուար էր կողմնորոշուիլ թէ ի՞նչ կը կատարուէր եւ ի՞նչ էր խաղին նպատակը:

Մոնոփոլիի խաղի մը մէջ շատ որոշումներ կան առնելիք եւ տարօրինակ իրավիճակներ, հողամասեր գնե՞լ թէ չգնել, վարձք կամ անցման վճարում պահանջել (կամ ալ մոռնալ պահանջելու), գնուած հողամասերու գունաւոր շարքեր ամբողջացնել, տուներ եւ յետոյ ալ պանդոկներ կառուցե՞լ թէ չկառուցել անոնց վրայ, հողամասերը պարտամուրհակի ենթարկել եւ ստացուած գումարը գործածել ուրիշ նպատակներու համար եւ այլն: Հարցեր որոնց նոյնիսկ չափահասները ծանօթ չէին, ալ ուր մնաց նախակրթարանի աշակերտներուս համար: Իւրաքանչիւր խաղադաշտի վրայի որոշում առնելը բաւական թնճուկային է, իսկ Վերժինն ալ, ինքնաբերաբար, որովհետեւ իր խաղակից Հուրիկը հազիւ հինգ տարեկան երեխայ մըն էր, անոր բարձրաձայն սկսաւ հրահանգել թէ ի՞նչ պէտք էր ընել:  Մենք ալ, տղաքս, սկսանք բողոքել թէ ատիկա արտօնուած չէր,

Բայց դուք միշտ իրարու հետ կը խօսիք եւ խորհուրդ կու տաք իրարու, - ըսաւ:

Մենք իրարու չենք ըսեր ա'ս ըրէ, ա'ն ըրէ– պատասխանեցինք:

Բայց նոյնն է արդիւնքը:

- Չես կրնար ըսել իրեն ինչ ընել: Խաղին օրէնքն է, - ըսինք (առանց վստահ ըլլալու անշուշտ):

- Ցո'յց տուր այն ատեն, - պատասխանեց:

Անգլերէնով է, չես հասկնար:

Լաւ կը հասկնամ, ցոյց տուր, - պնդեց:

Խաղին օրէնքները տպուած էին տուփին կափարիչին ներսի կողմը եւ բաւական երկար էին խաղին բարդութեան պատճառաւ:  Երկար ուսումնասիրելէ վերջ,

Նախ, միասին երկուքով խաղալու մասին չէ գրուած, ամէն մարդ առանձինը կը մասնակցի: Կ'երեւի ատիկա դուք հնարած էք:  Բայց վնաս չունի: Ուրեմն միւս ըսածնիդ ալ սխալ է, որովհետեւ երկու հոգիով ընկերովի խաղալ չկայ, ուրեմն խօսակցութեան եւ իրարու հրահանգ տալու մասին ալ բան մը չկայ:  Խաղին օրէնքը ձեր ըսածին պէս չէ:

Երկաթեայ կամք եւ պողպատեայ տրամաբանութիւն: 

Ըսի', Վերժինը ուրիշ է եւ մի'շտ ուրիշ եղած է:

Վիգէնին հետ երբ անցանք երկրորդական վարժարան, միասին անցանք սկաուտական շարքերը:  Որպէս շարժումին եղբայրներ, անշուշտ հոն աւելի մօտիկացանք, միշտ իրարու հետ կողք կողքի քայլ պահելով:  Հոն մեծցանք ծառայել սորվելով եւ նպատակներու նուիրուելով: Մեր Վերժինը դարձաւ պատանուհի մը որ կը գերազանցէր բոլոր ուսումնական նիւթերու մէջ, եւ յատկապէս թուաբանագիտական բարդ նիւթերը իրեն համար տառացիօրէն խաղալիք էին:  

Ճմեյզիի տունը մեր ընտանիքին համար փոքր դարձած ըլլալուն պատճառաւ ստիպուած էինք փոխադրուիլ դէպի աւելի մեծ բնակավայր եւ հեռացանք մեր սրտամօտիկ Չերչեաններէն:  «Գիծ»ին վրայ անցանք աւելի Արեւելք, դէպի Մար Մխայել թաղը:  Կեանքիս տխուր օրերէն էր այդ: Բայց Վիգէնէն բաժնուած չէի, որովհետեւ ի վերջոյ կը յաճախէինք նո'յն վարժարանը, նո'յն ակումբը եւ մաս կը կազմէինք նո'յն սկաուտական խումբին:  Մեր եղբայրութեան արմատները միշտ հաստատուն եղած են ու բնաւ չեն սասանիր:

Երկրորդականի մեր վարժարանները երկսեռ չէին, եւ ուրեմն ամենօրեայ հանդիպումներ չէի ունենար Վերժինին հետ:  Միմիայն կը տեսնուէինք ընտանեկան այցելութեան առիթներուն, եւ երբեմն ալ ակումբը:  Իսկ քանի մը տարուայ ընթացքին, Վերժինը իսկական հայ գեղեցկուհի մը դարձած էր: Սեփ-սեւ երկար մազերով, եղնիկանման երկարավիզ տեսքով, սեւաչեայ եւ միշտ խորաթափանց հայեացքով մը:  Շատեր իր գեղեցկութիւնը կը բաղդատէին այդ օրերու հեռատեսիլի Տալլաս ծրագրի աստղերէն Վիքթորիա Փրինսիփըլին հետ:  Բայց՝ քրոջս Վերժինին գեղեցկութիւնն ալ, իրեն նման ուրիշ էր: Ամէն բանէ աւելի, ներսի շող մըն էր որ ցոլացած էր իր արտաքինին վրայ ալ եւ երկուքը զիրար կ'ամբողջացնէին: Իսկ եթէ Վերժինը բան մը ըսէր, որեւէ նիւթի մասին որեւէ բան մը, պէտք էր զինք մտիկ ընել, որովհետեւ հարցի մը  ամենաճիշդ եզրակացութիւնը եւ լաւագոյն առնուելիք քայլերու առաջարկները իրմէ կու գային:

Հիմա, այսքան հեռու ինծի այնքա՜ն մօտիկ բոլոր Չերչեան հարազատներէս, կ'ուզեմ նաեւ պատմութեան անցընել ուրիշ դիպուած մըն ալ: 2010-էն ի վեր մօտէն կը հետեւէի «Փթիթ»ի աշխատանքային արդիւնքին:  Զարմացած էի որ Վերժինը անցած էր այս գործին գլուխը, ոչ թէ որովհետեւ կը թերագնահատէի իր կարողութիւնը, այլ պարզապէս որովհետեւ լուր չունէի թէ նոր ուղղութիւն եւ կոչում մը տուած էր ինքզինքին, որ, մանուկներու միջոցաւ պահպանելն էր հոգեվարքի մէջ գտնուող արեւմտահայերէնը:  Քանի մը տարի վերջ՝ երբ աշխարհին տրամադրուեցաւ Տուոլինկօ համացանցային եւ համակարգչային ծրագիրը եւ սկսայ զայն կանոնաւորապէս գործածել, կապի մէջ մտայ անոր այլազան ենթահարթակներու պատասխանատուներուն հետ եւ առաջարկներ ներկայացուցի այլազան համացանցային ասուլիսներու ընթացքին, թէ' գրաւոր եւ թէ' բերանացի:  Նոյնիսկ առաջարկեցի կազմել միջազգային օգնական կամաւորներու խմբակ մը, որոնց մէջ ի մտի ունէի Վերժինն ալ ներգրաւել: Բայց՝ բազմաթիւ ամիսներու վրայ երկարող մասնակցութիւնս ապարդիւն եղաւ, մանաւանդ որ, այդ վիճաբանութիւններուն ընթացքին, շատ յաճախ ինծի դէմ կարծիք արտայայտողները աշխարհի տարբեր կողմերէն մասնակցող ուրիշ հայեր եղան:  Եւ այդպէս ալ այդ ծրագիրը բնաւ չիրականացաւ:

Իսկ ի'մ Վերժինս, որ ուրիշ է', ուրի՜շ, Գ. Կիւլպենկեան հիմնադրամի մեկենասութեամբ առանձինը յաջողցուց «Փթիթ»ը վերածել հեռաձայնային ծրագրի, զայն տրամադրելի դարձնելով բոլոր աշխարհին: Ան որ ուրիշ է, աշխարհ կրնայ փոխել եւ կը փոխէ': 

www.e-ptit.com


Մեռելոց է այսօր: Եւ, այսօր իսկ, նոյնպէս մեր աշխարհին հրաժեշտ տուաւ Հռոմի Առաջնորդը, Ֆրանսիսկոս Ա. Պապը:  Իր սրբացած անուանակիցին նման, ուրիշ մը որ ուրիշ է՜ր, աշխարհ փոխող մը: Երբ որ այցելէք Ասիզի, Իտալիա, անպայման մտէք Ս. Ֆրանսիսկոսի տաճարը, մոմ վառելու, աղօթելու եւ աշխարհ փոխողներուն մեզի պարգեւած հոգիներուն լոյսին համար շնորհակալութիւն տալու Աստուծոյ:


Սայեաթ Նովան, որ գիտէր թէ ուրիշ ըլլալ ինչ կը նշանակէ, բուն անունով կը կոչուէր Յարութիւն:

Մեռելոցին՝ անպայմանօրէն պիտի յաջորդէ Յարութիւնը:


Վիգէն Լ. Ադդարեան

Մոնթրէալ, երկուշաբթի 21 Ապրիլ 2025